ՀՀ-ում Ֆրանսիայի դեսպանը և ԱԳՆ դեսպան-խորհրդականն այցելեցին Երևանում գտնվող Մխիթարեան Վանատուն

Հրապարակող՝

ՀՀ-ում Ֆրանսիայի դեսպանը և ԱԳՆ դեսպան-խորհրդականն այցելեցին Երևանում գտնվող Մխիթարեան Վանատուն

5 Փետրուար 2026-ի առաւօտեան, Մխիթարեան Վանատունէն ներս պաշտօնապէս հիւրընկալուեցան Ֆրանսայի Հանրապետութեան Լիազօր ու արտակարգ Դեսպան Նորին Վսեմութիւն՝ Օլիվիէ Դեկոտինյին եւ Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց նախարարութեան Կրօնական Հարցերու Դեսպան եւ խորհրդական՝ Նորին Վսեմութիւն Ժան-Քրիստոֆ Պոսելը։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմեր նաեւ Տիկին Նատալի Պըլլեն՝ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութեան առաջին քարտուղար եւ քաղաքական հարցերու եւ մամուլի խորհրդականը։ Շքախումբը դիմաւորուեցաւ Վանատան Մեծաւոր Հայր Եղիա Ծ. Վարդապետ Քիլաղպեանի եւ Ճեմարանի Տեսուչ Հայր Գէորգ Սարգիսեանի կողմէ։

Հանդիպման ընթացքին պատուիրակութիւնը ծանօթացաւ Մխիթարեան Միաբանութեան Ավանի գրադարանի արժէքաւոր գիրքերուն ու անոնց պատմական կարեւորութեան ու ապա մտերմիկ հանդիպման մը ընթացքին խօսեցան Միաբանութեան հիմնադիր՝ Մխիթար Աբբահօր ծննդեան 350-ամեակին մասին, որուն պաշտօանական ելոյթները սկիզբ կ՚առնեն 7 Փետրուարին՝ Աբբահօր ծննդեան օրը, եւ կը շարունակուին 2026 տարուան ընթացքին։

Վարդապետները պատմեցին ու շնորհակալութիւն յայտնեցին միաբանութեան համար Ֆրանսայի ու յատկապէս Նափոլիոնի ունեցած կարեւոր դերակատարութեան համար, տեարք դեսպաններուն նուիրեցին Նափոլիոնի հաստատած Սուրբ Ղազար Վանքի հատակագիծի ու հայագիտական հիմնարկի հաստատման փաստաթուղթերու օրինակները եւ անդրադարձան Ֆրանսայի մէջ Սեւրի Մխիթարեան Միաբանութեան վարժարանի կալուածին ու ընդհանրապէս միաբանութեան մշակութային ժառանգութեան ու յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին։

Դեսպանները կարեւորութեամբ շեշտեցին միաբանութեան կարեւորութեան ու անոր համատարած կրթական օճախներուն ու մշակութային գործունէութեան մասին եւ այցի աւարտին Ֆրանսայի Դեսպանը` վանահայրերուն նուիրեց Մուսա Լերան 110-ամեակին առիթով դեսպանատան պատրաստած յուշանուէրը եւ իրենց մաղթանքները արձանագրեցին հիւրերու հատուկ արխիւատետրին մէջ։

Ամենաթարմ