fbpx
Հասարակություն

Դեպի Արցախի անկախության միջազգային ճանաչում այլընտրանք չկա․ Արամ Ա կաթողիկոս

Թուրքիոյ անմիջական հովանաւորութեամբ եւ ահաբեկիչներու ու վարձկաններու մասնակցութեամբ Ազրպէյճանի շղթայազերծած պատերազմը Արցախի դէմ մեզ դրաւ նոր իրականութեան մը դիմաց՝ իր զինուորական, քաղաքական, իրաւական եւ աշխարհաքաղաքական երեսներով ու հետեւանքներով: Հետեւաբար, ներկայ իրականութիւնը պէտք է Արցախը, Հայաստանը, ինչպէս նաեւ միջազգային համայնքը մղէ մտածելու ու գործելու մէկ ուղղութեամբ՝ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչում, այլ ընտրանք չկայ:

Ազրպէյճան-Արցախ վերջին պատերազմի զարգացումներուն մօտէն հետեւողը յստակօրէն պիտի տեսնէ, թէ՝ առաջին, Ազրպէյճանը կը վայելէ Թուրքիոյ քաղաքական ու զինուորական անվերապահ ու ամբողջական զօրակցութիւնը եւ Իսրայէլի մասնագիտական նեցուկը: Երկրորդ, ներկայ պատերազմը սոսկ տեղական բնոյթ չունի, այլ յղի է շրջանային եւ միջազգային հետեւանքներ ունենալու լայն կարելիութիւններով: Երրորդ, Թուրքիան իր փանթուրանական ու ծաւալապաշտական քաղաքականութեան նոր ձեւաւորում ու շեշտաւորում տալով, Միջին Արեւելքէն ու իսլամական աշխարհէն սկսեալ մինչեւ արեւելեան Եւրոպա ու Միջերկրականի ափերը, իր ազդեցութիւնը տարածելու իր հետեւողական ճիգին առընթեր այժմ նո՛յնը կը փորձէ Կովկասէն ներս՝ շահագործելով Ազրպէյճանը:

Սուրիոյ գծով Ռուսիա-Թուրքիա-Իրան ստեղծուած որոշ համաձայնութիւնը փաստօրէն կը մղէ Ռուսիան եւ Իրանը չափաւոր ու զգուշաւոր մօտեցում որդեգրելու Թուրքիոյ կողմէ հրահրուած եւ Ազրպէյճանի նախաձեռնած պատերազմին նկատմամբ: Սակայն, իրենց զգուշաւոր մօտեցումը չի կրնար երկար տեւել՝ լուրջ վտանգներով եւ ծանր հետեւանքներով լեցուն այս պայթուցիկ կացութեան դիմաց, երբ մանաւանդ իրենց ու յատկապէս Ռուսիոյ աշխարհաքաղաքական շահերը կը սկսին վտանգուիլ շրջանէն ներս:
Ազրպէյճանը միշտ փորձեց զէնքի ոյժով Արցախը վերագրաւել՝ հակադրուելով քաղաքական ու բանակցային ճամբով Արցախի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման միջազգային որոշումներուն: Ազրպէյճանի այս վերջին փորձը եւս, որուն եկաւ նոր տարածք ու մղում տալու համաթրքական փանթուրանիզմը, կը հետապնդէր նո՛յն նպատակը:

Հայոց բանակը հերոսութեամբ կը շարունակէ պաշտպանել Արցախը, մեր իրաւունքը ու արժանապատուութիւնը: Արիւն թափեցինք, ահաւոր քանդում ու աւեր ունեցանք, հսկայ դժուարութիւններու դէմ յանդիման գտնուեցանք, սակայն կը շարունակենք տոկալ: Արդարեւ, թրքական աջակցութեամբ ու իսրայէլեան զինուժով օժտուած ազերիական յարձակումներուն դէմ դնելը ինքնին յաղթանակ է: Բանակի կողքին Հայաստանի ու Արցախի դիւանագիտական արշաւը, Սփիւռքի կողմէ լայնածաւալ քարոզչութիւնը, կազմակերպուած բողոքի ու զօրակցական ցոյցերը մեր ողջ ժողովուրդը զօրակոչի ենթարկեցին:

Կացութիւնը կը շարունակէ մնալ աւելի քան կնճռոտ ու փխրուն:

30 տարիներ շարունակ աշխարհին դիմաց ըսինք Արցախը մե՛րն է, մեր ինքնորոշման իրաւունքը արեան գնով հաստատեցինք եւ մեր հայեացքները, մեր մտածումներն ու աշխատանքը ուղղեցինք դէպի Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչում: Անցնող տարիներուն այս գծով նաեւ խոհեմ զգուշաւորութիւն ցոյց տուինք՝ առիթ տալով քաղաքական բանակցութիւններուն: Սակայն, ներկայ պատերազմը եկաւ անգամ մը եւս ցոյց տալու, թէ Ազրպէյճանը չի հաւատար բանակցութիւններու եւ բացայայտօրէն վայելելով Թուրքիոյ ամբողջական զօրակցութիւնը, մեզ հանգիստ պիտի չձգէ՝ դիմելով մաշումի պատերազմի, եւ աւելին՝ պիտի շահագործուի Թուրքիոյ կողմէ Արցախէն շատ աւելի մեծ ու հեռաւոր նպատակներու համար:

Մենք չենք կրնար մի քանի տարին անգամ մը մարդկային զոհեր տալ, ինչպէս նաեւ ենթարկուիլ նիւթական եւ տնտեսական ահաւոր վնասներու: Անհրաժեշտ է, որ յստակօրէն ճշդենք մեր ռազմավարական ու մարտավարական մօտեցումները, կարճաշունչ ու երկարաշունչ հանգրուաններով, միշտ իրապաշտ ոգիով եւ համահունչ ներկայ աշխարհաքաղաքական տուեալներուն ու պայմաններուն:

Առաջին, անհրաժեշտ է ամէն գնով եւ անմիջապէս ամբողջական զինադադար հաստատել եւ վերսկսիլ քաղաքական բանակցութիւններուն:

Երկրորդ, ծրագրուած աշխատանք տանիլ Արցախի միջազգային ճանաչման գծով: Այլեւս չենք կրնար երկար սպասել. սա ի վնաս մեզի է՝ ամէ՛ն իմաստով: Գիտենք, որ նման քայլ մը կրնայ նոր բարդութիւններ ստեղծել եւ միջազգային համայնքի ընդառաջումը կրնայ դրական չըլլալ գէթ այս հանգրուանին: Սակայն, այլ ճանապարհ չկայ: Ներկայ պատերազմէն աւելի ծանր ի՞նչ կրնայ ըլլալ, երբ Ազրպէյճանը նոյնիսկ կ՚անտեսէ պատերազմի ու զինադադարի առնչուած միջազգային օրէնքին սկզբունքները:

Երրորդ, Ռուսիոյ դերը ճշդորոշիչ է Արցախի առնչուած որեւէ հարցին լուծման գծով: Ռուսիոյ դանդաղ ու զգուշաւոր մօտեցումը կրնայ զանազան մեկնաբանութիւններու դուռ բանալ: Սակայն, ինչ ալ ըլլան Ռուսիոյ ներկայ մարտավարական մօտեցումներն ու հաշիւները, Ռուսիան երբեք պիտի չ՚արտօնէ իր կողքին այլ ոյժի մը ներկայութիւնը Կովկասէն ներս: Այս համոզումէն մեկնելով, Ռուսիոյ հետ մեր գործակցութիւնը պէտք է ըլլայ փոխադարձ վստահութեան հիման վրայ ու հասարակաց շահերով պայմանաւորուած:

Չորրորդ, Արցախին ճանաչում ապահովելու յոյժ կարեւոր իրաւաքաղաքական նախաձեռնութիւնը միջազգային համայնքին ներկայացնելը լուրջ նախապատրաստութիւն, յարաբերական ու դիւանագիտական լայնածիր աշխատանք եւ հետեւողական գործընթացք կ՚ենթադրէ, որուն հարկ է լծուիլ անմիջապէս: Միջազգային օրէնքը կը պարզէ ճանաչման զանազան կերպերը, եղանակներն ու պահանջները: Անհրաժեշտ է համապարփակ ու մասնագիտական մօտեցումով ուսումնասիրել ճանաչման առնչուած խնդիրները եւ քոնքրէթ պարագաները:

Կը գտնուինք մեր պատմութեան մէկ ճակատագրական խաչմերուկին: Զինուորական գետնի վրայ յաղթանակ տանիլը առանցքն է, իսկ միջազգային կարծիքին հայանպաստ դիրքորոշումը մղիչ ոյժն է մեր յաջողութեան: Հարկ է ըլլալ զգօն ու խոհեմ եւ միշտ միակամ:
Հետեւաբար, կոչ կ՚ուղղենք Հայաստանի մեծարգոյ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, որ զինադադարի ամրապնդումէն անմիջապէս ետք իր մօտ հրաւիրէ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի քաղաքական կուսակցութեանց պետերը, հոգեւոր պետերը եւ Հայաստանի ու Արցախի պետական բարձրաստիճան ներկայացուցիչները, միասնաբար խորհրդակցելու ներկայ իրավիճակին եւ յետագայ հանգրուաններուն մասին:

Նման հաւաք մը, մէկ կողմէն, յաչս օտարներուն, ցոյց պիտի տայ մեր ժողովուրդին միասնական ոգին ու ամուր կեցուածքը եւ միւս կողմէն՝ առիթ պիտի հանդիսանայ տեսակէտներու ու մօտեցումներու փոխանակման: Մեր առաջարկն է նաեւ, որ յիշեալ հաւաքէն ետք փորձագէտներէ բաղկացած յանձնախումբ մը կազմուի, որպէսզի վարչապետին գլխաւորութեամբ կարենայ ծրագրել միջազգային ճանաչման առնչուած գործընթացքը՝ իր իրաւագիտական, դիւանագիտական, յարաբերական ու քարոզչական երեսներով:

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Անթիլիաս, Լիբանան
13 Հոկտեմբեր 2020

ԱՄԵՆԱԴԻՏՎԱԾՆԵՐԸ

ՎԵՐ